2012-12-18 12:22:11

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը`
''Գործել Խաղաղութեան Ի Սպաս''


Յառաջիկայ 1 յունուար 2013-ի խաղաղութեան համաշխարհային օրուայ առթիւ հրատարակուած Սրբազան Քահանայապետի պատգամը կը կռէ ''երանի խաղաղարարներուն'' վերատառութիւնը։
Անոնք որոնք կը վստահին Աստուծոյ ու անոր խոստումներուն ''աշխարհի աչքերուն կը ներկայանան որպէս միամիտ եւ իրականութենէ հեռու'', ասով հանդերձ - կը գրէ Պենետիկտոս Պապը - անոնք պիտի կարենան ապրիլ ''անհուն պարգեւի երջանիկ փորձառութիւնը''։
Պատգամը հակահոսանք կը թուի շատ մը պատճառներու համար. Ան կը հաստատէ ''խաղաղութեան նախապայմանը'' որ է ''քայքայել յարաբերականութեան բռնապետութիւնը եւ իքնավար բարոյականութիւնը որ կը խափանէ բարոյական բնական օրէնքի ճանաչումը որ Աստուծոյ կողմէ գրուած է ամէն անհատի խղճին մէջ։ Այս պատճառաւ պագտամը կ՛ընգծէ կեանքի եւ ամուսնութեան պաշտպանութիւնը, կրօնքի ու խղճի ազատութեան իրաւունքը։
Ոչ միայն։ Այլ ներկայի ճգնաժամային կացութեան մէջ ան կը շեշտէ Պետութեան ''ընկերային'' դերին մասին, աշխատանքի իրաւունքին, ինչպէս նաեւ այն իրոողութեան որ պարէնային ճգնաժամը աւելի լուրջ է քան ֆինանսականը եւ թէ հարկաւորութիւնը կայ նոր տիպարի մը զարգացումին հիմնուած ոչ թէ շահոյթի եւ եսապաշտութեան վրայ այլ հասարակաց բարիքին, եղբայրութեան եւ ձրի պարգեւի արժէքներուն վրայ։
Յիսուն տարիներ առաջ Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետը կը հրատարակեր ''խաղաղութիւն երկրի վրայ'' “Pacem in terris” շրջաբերական նամակը եւ կը հաստատէր թէ խաղաղութեան սիւներն են. ճշմարտութիւնը, ազատութիւնը, սէրը եւ արդարութիւնը։ Որովհետեւ խաղաղութիւնը կենարար ու համալրեալ կարգ մըն է սիրոյ մէջ, այնպէս որ ուրիշներու կարիքները նկատելու ենք որպէս մերինները եւ ուրիշները մասնակից դարձնելու ենք մեր սեփականութիւններուն։
Գուցէ այս ամէնը միամտութիւն կը թուի բայց բոլորս գիտենք որ իրաւացի են։








All the contents on this site are copyrighted ©.